Կարօ'տ, Ընկե'ր, Այնքան Ժամանակ Որ Իմ Աչքերում Լոյս Կայ Պիտի Պայքարեմ. Պռոշեանի Գիւղապետ (լուսանկարներ)
Պռոշեան գիւղի ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ՝ երէկ երեկոյեան նշուեցաւ Ազատամարտիկ Կարօտ Մկրտչեանի անյայտացման 20-ամեակը։
Մարտական ընկերներ, բարեկամներ ու համագիւղացիներ հաւաքուեցան գիւղի Պանթէոնին մէջ, ուր հոգեհանգստեան կարգով եւ սրտի խօսքերով յարգուեցաւ արցախեան ազատամարտին զոհուած մեր հերոսներուն յիշատակը։ Իրենց սրտի խօսքը ըսին Կարօտի մարտական ընկերներ Սիմոն Գաֆալեանն ու Յարմիկ Յովսէփեանը, ապա գիւղի երիտասարդ ու պատանի դրօշակիրները՝ բազմութիւնը առաջնորդեցին դէպի Կարօտի արձանը, որ տեղակայուած է գիւղի կեդրոնին։
Կարօտի արձանին շուրջ՝ գիւղապետ, Կարօտի մանկութեան ու մարտական ընկեր Հրաչ Մուրատեան, իր խօսքին մէջ ըսաւ,- «Կարօ'տ, ընկե'ր, այնքան ժամանակ որ իմ աչքերում լոյս կայ ես պիտի պայքարեմ, բոլորս պիտի պայքարենք, մինչեւ ազատագրենք մեր հողերը»։
Նոյն խոստումը տուին նաեւ գիւղի «Պետօ Ղեւոնդեան» դպրոցի սաները, գիւղի մէջ ծնած նոր Կարօտները, անոնք հպարտ էին, որ իրենց համագիւղացին հերոս է ու իրենք կը դաստիարակուին նոյն ոգիով եւ ապագային պիտի շարունակեն իրենց իտէալի ուղին։
Դպրոցականներու ելոյթներէն ետք հաւաքուած բազմութիւնը ուղղուեցաւ ՀՅԴ ակումբի սրահ, ուր գեղարուեստական յայտագրով ներկայացուեցաւ Կարօտ Մկրտչեանի կեանքը։
Հայաստանի ու ՀՅԴ քայլերգերը կատարեց Գէորգ Հաճեան, հաղորդավարներ Շուշան Յակոբեանն ու Թաթուլ Հաճեանը բեմ հրաւիրեցին Կարօտի մարտական ընկեր բժշ. Տարօն Տոնոյեանը, որ իր խօսքին մէջ ըսաւ,- «Կարօտը գնաց, որովհետեւ նա համոզուած էր, որ հրամանատարը պիտի իր զինուորներին առաջնորդի եւ քանի դեռ դիրքերում վիրաւոր կայ հրամանատարը պիտի լինի դիրքերում։ Կարօտի եւ նրա նմանների շնորհիւ է, որ մենք ունեցանք արցախեան յաղթանակը»։
Խօսք առաւ նաեւ Կարօտի մարտական ընկեր Ռաֆֆիկ Ղազինեան։ «Կարօտը ինձ համար Շահումեանն է ու Շահումեանը Կարօտն է եւ վստահ եմ, որ մի օր կը գնանք դէպի Ճամպազ ու Շահումեան»,- ըսաւ ան։
Աշուղ Ռազմար Սասունցին ներկայացուց Կարօտին ու Պետոյին նուիրուած իր երգը։
Հայաստանի վաստակաւոր արուեստագէտ, Կարօտի մարտական ընկեր Մկրտիչ Մկրտչեան կատարեց Կարօտի սիրած երգերը՝ «Լիզպոնի հինգի յիշատակին» եւ «Ղարիպ աղբեր»։
Իր սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ ՀՅԴ Գերգոյն մարմնի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, որ նշեց,- «Ես չեմ ասում, որ Կարօտը անյայտացել է, որովհետեւ նա ներկայ է իր ապրած կեանքով, նա մեր կողքին չլինելով աւելի ներկայ է, քան մեր կողքին եղող շատ շատերը»։
Յուշ-երեկոն աւարտեցաւ Կարօտի ձայնով հնչած «Քեռի»ի յիշատակին նուիրուած երգով։









